Rating: Not rated
Tags: հայ գրականութիւն, վաւերապատում, յուշագրութիւն, ուղեգրութիւն, Զապէլ Եսայեան։
Publisher: ԵԱՒՐՈՒՀՐԱՏ
Summary
Զապէլ
Եսայեանի
«Աւերակներուն
Մէջ» երկը 1909
թուականի
Ատանայի
կոտորածներու
տպաւորութիւններուն
արձագանգն
է՝ գրուած
«մահուան
ականատեսի»
մը
կողմէն։
Աղէտեալներուն
օգնող
պատրիարքական
յանձնախումբին
հետ Ատանա
մեկնած
գրողը 1911
թուականին
Կ. Պոլսոյ
մէջ կը
հրատարակէ
այս
անօրինակ
պատումը։
Այս
յուշագրութեան
սոյն
հրատարակութեան
մէջ կը
հաջորդէ
«Արագած»
շաբաթաթերթին
մէջ
տպագրուած
Զ.
Եսայեանի
«Կիլիկիոյ
Որբանոցները»
յօդուածներու
շարքը։
Սեբաստացի
Մուրատը
(Մուրատ
Խրիմեան)
հայ
ազգային
ազատագրական
պայքարի
պայծառ
դէմքերէն
է: Ան
սկիզբը կը
գործէ
հայրենի
Սեբաստիա
գաւառին
եւ Պոլսոյ
մէջ, ապա՝
Սասունի,
Մշոյ
դաշտի եւ
Վասպուրականի
բնակավայրերուն
մէջ: 1915
թուականին
Սեբաստիայի
մէջ եւս
ծայր
կ՚առնեն
հայերու
զանգուածային
տեղահանութիւնները,
աքսորն ու
սպանութիւնները:
Սեբաստացի
Մուրատն
իր խմբով
կը
բարձրանայ
լեռները,
կ՚անցնի
չափազանց
բարդ
երթուղիով,
կը գրաւէ
թուրքական
փոքր
ձկնորսանաւ
մը եւ
ուղղութիւն
կը վերցնէ
դէպի
Պաթում:
Յետագային
կը
հանդիպի Զ.
Եսայեանին,
որ եւ գրի
կ՚առնէ
այդ
ճամբորդութեան
մանրամասնութիւնները
եւ կը
հրապարակէ
Պաքուի
մէջ լոյս
տեսնող
«Գործ»
ամսագրին
մէջ: Սոյն
հրատարակութեան
մէջ
պահպանուած
են
հեղինակի
ուղղագրությունը
եւ
կէտադրութիւնը,
սակայն
սրբագրուած
են
տպագրական
վրէպները
եւ որոշ
կրկնակի
գրաձեւերը։